Քրիստոնեայ աշխարհը այս օրերուն կը տօնէ Սուրբ Ծնունդն ու Նոր Տարին, բայց աշխարհի ամէն կողմ վախ մը կայ ահաբեկչութեան արարքներու տեսանկիւնէն: Հաղորդուած լուրերու համաձայն, ահաբեկչական Տահէշ կազմակերպութիւը իր համակիրներուն հրահանգած է Ս. Ծննդեան եւ նոր Տարիի տօնակատարութեանց ընթացքին բաց վայրերու մէջ յարձակումներ գործել ժողովուրդին վրայ: Այդ վայրերէն մէկն ալ եկեղեցին է: USA today-ը կը նշէ, որ Տահէշ` «Արիւնալի տօնակատարութիւններ քրիստոնեայ աշխարհին» խորագրով նիւթ հրապարակած է, ուր նշած է Ամերիկայի մէջ գոծող հազարաւոր եկեղեցիներու անուններ եւ այս կերպով իր համակիրներուն իբր թիրախ ցոյց տուած այդ եկեղեցիները, յանձնարարելով յարձակումներ իրականացնել անոնց վրայ, նաեւ այն տեղերուն, ուր ժողովուրդին համար հաւաքատեղի են տօնական այս օրերուն: