Սուրիա -(AP-ԱՄՆ)- Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը իր մօտ գտնուող գերեվարուած կիները «վաճառք»ի հանած է հեռախօսային APP–երու միջոցաւ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ AP գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Տահէշ իր մօտ գերեվարուած ունի աւելի քան 3000 կիներ, որոնց մեծ մասը եզիտիներ են:Ըստ աղբիւրին Տահէշի մօտ եղած կիները հիմնականին մէջ «կ'օգտագործուին» խմբաւորման ղեկավարներուն կողմէ: