image

«Տահէշ» երկու թուրք զինուորներ ողջակիզած է (լուսանկարներ +18)

«Տահէշ» երկու թուրք զինուորներ ողջակիզած է (լուսանկարներ +18)

«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գրահոյինները ողջակիզած են թրքական բանակի երկու զինծառայող, կը հաղորդէ «Turkish Minute» տեղեկատուական կայքը: Ըստ կայքի տուեալներուն, զինուորականները պատանդ ինկած են Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Ալ Պապ քաղաքի մօտ: Հաղորդուած է, որ գրոհայինները Հինգշաբթի երեկոյեան հրապարակած են թուրք զինուորականներու մահապատիժի տեսագրութիւնը :


Յիշեցնենք, որ 2015թ-ի Փետրուարի սկիզբը «Տահէշ» տարածած էր յորդանանցի օդաչու Մուազ Ալ Քասասպէի մահապատիժի տեսագրութիւնը, որ նոյնպէս ողջակիզուած էր:

Նշենք, որ Թուրքիոյ բանակը 24 Օգոստոսին Սուրիոյ մէջ սկսած էր «Եփրատի Վահան»գործողութիւններու շարքը՝  ուղղուած «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ: