Իրաք- («Ալ-Ժումհուրիա»- Պէյրութ)- «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորումը Իրաքի Սալահ ալ-Տին նահանգին մէջ, իր անդամ 7 զինեալներ մահապատիժի ենթարկած է՝ զանոնք ողջ-ողջ եռացած ջուրի մէջ նետելով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժումհուրիա», նշելով որ այդ մէկը եղած էր որպէս պատիժ, վերջիններուն իրաքեան «Ալ Շըրքաթ» քաղաքին մէջ եղող պատերազմի դաշտէն փախուստի դիմելուն հետեւանքով: Աղբիւրին համաձայն, նախքան զինեալները եռացած ջուրի մէջ նետելը, Տահէշի պատասխանատուներ կապած են անոնց ձեռքերն ու ոտքերը, արգիլելու համար անոնց փախուստը: Միւս կողմէ «FOX» հեռուստակայանը հաղորդած է, որ կազմակերպութիւնը մահուան դատավճիռ իրականացուցած էր նաեւ իր անդամներէն 19-ին դէմ, որոնք փախած էին «Ֆալլուժա»ի մէջ իրաքեան ուժերու դէմ կռիւէն: