image

Սուրիոյ ընդդիմութեան գերագոյն խորհուրդը Աստանայի բանակցութիւններուն կը մասնակցի՝ Ասատի հեռացման պայմանաւ

Սուրիոյ ընդդիմութեան գերագոյն խորհուրդը Աստանայի բանակցութիւններուն կը մասնակցի՝ Ասատի հեռացման պայմանաւ

Երէկ, 10 յունուարին Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Րիատի մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ ընդդիմութեան Բանակցութուններու Գերագոյն Խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին որոշում կայացուած է, որ ընդդիմութիւնն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Աստանայի բանակցութիւններուն, պայմանաւ, որ Ասատ հեռանայ իշխանութենէն եւ երկրին մէջ բացարձակ լիազօրութիւններով անցումնային կառավարութիւն ստեղծուի:

Ըստ աղբիւրին, Րիատի մէջ գործող Բանակցութուններու Գերագոյն Խորհուրդը Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ վարելու համար ընդդիմութիւնը ներկայացնող միակ լիազօրուած մարմինն է, որ նշանակուած է անցեալ ամիս կնքուած հրադադարի համաձայնագրով՝ Սուրիոյ մէջ պայքարող ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ: