Սուրիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- ՄԱԿ-ը սկսած է պաշարուած շրջաններուն «օդային» մարդասիրական օգնութիւններ հասցնելու պատրաստութիւններուն, գործադրելով Սուրիոյ օժանդակութեան Միջազգային խումբի կողմէ հրապարակուած վերջին յայտարարութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ յատուկ բանագնաց Սթեփան Տէ Միսթուրան հաստատած է, որ եթէ մինչեւ 1 յունիս ցամաքային միջոցներով օժանդակութիւնները հասցնելու գործը չյաջողի, ապա պիտի սկսին զայն օդային միջոցներով առաքելու գործը: Ան նաեւ մարդասիրական հարցերու վերաբերեալ Սուրիոյ օժանդակութեան խումբի՝ 19 մայիսիսն Ժընեւի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք, ըսած է, որ ՄԱԿ-ը Պարենի համաշխարհային ծրագրէն խնդրած է գործնական պատրաստութիւններ տեսնել այդ ուղղութեամբ:
Տէ Միսթուրա նաեւ ըսած է, որ եթէ համաշխարհային Պարենի ծրագիրը դժուարութիւններ դիմագրաւէ օժանդակութիւնները հասցնելու ծրագրին մէջ, ապա Ռուսիան եւ ԱՄՆ-ն պարտաւորուած են միջամտել եւ ապահովել ծրագրի ամբողջական կիրառումը:
Իր հերթին, Սուրիոյ հարցերու ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Եան Իյկիլան մատնանշած է, որ չորեքշաբթի օր վերջապէս, 4 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Կարմիր Մահիկը կրցած է օգնութիւններ մատակարարել Դամասկոսի արեւելեան արուարձան՝ Հարասթա շրջան, օժանդակութիւններ փոխանցելով հոն գտնուող 18 շրջաններէն 13-ին: