Փետրուար 14 2016 թ.ին ԱՄՆ-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիահայերու Օգնութեան Հիմնադրամ (SARF)-ի համայնքային հանրահաւաք «Save A Life» (Փրկէ կեանք մը) թէլէթոնը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ սուրիական պատերազմի հետեւանքով ծանր պայմաններու մատնուած Սուրիոյ հայ համայնքին: Դրամահաւաքը սկիզբ պիտի առնէ կիրակնօրեայ ծառայութիւններէն անմիջապէս ետք, Կլէնտէյլի Սբ. Մարիամ հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Տէր Պետրոս» դահլիճէն ներս: Ութ ժամ տեւողութեամբ (2-8 pm) նախատեսուած դրամահաւաքի հիւր խօսնակը պիտի ըլլայ Սուրիահայերու Օգնութեան Հիմնադրամի անդամ եւ Սուրիոյ Հայ Աւետրանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանը: