image

Սուրիացի երեխաներուն մեծ վտանգ կը սպառնայ. «Եունիսէֆ»

Սուրիացի երեխաներուն մեծ վտանգ կը սպառնայ. «Եունիսէֆ»

Դամասկոսի մէջ երկու շաբաթէ ի վեր աւելի քան 5.5 միլիոն մարդ ջուրի չգոյութենէ կը տառապի: Պատճառը մայրաքաղաքի հարաւը գտնուող «Ուատի Պարատա» շրջանին մէջ տեղի ունեցող թէժ մարտերու հետեւանքով ջուրի երկու գլխաւոր մատակարարներու վնասուիլն է:

Ըստ «RT Arabic» լրատուական կայքին, «Եունիսէֆ»ի մամլոյ խօսնակ Քրիսթոֆ Պուլիերաք երէկ, 6 Յունուարին յայտարարած է, որ «Մեծ վտանգ կը սպառնայ սուրիացի երեխաներուն, որոնք կրնան վարակուիլ ջուրի միջոցով փոխանցուող հիւանդութիւններով»:

Պուլիերաք յայտնած է նաեւ, որ տեղի բնակիչները ստիպուած են անհատ վաճառողներու կողմէ անյայտ աղբիւրներէ ձեռք բերուած խմելու ջուր գնել:

Ան նշած է, որ «Եունիսէֆ»ի խումբ մը ներկայցուցիչներ այցելած են Դամասկոսի շարք մը դպրոցներ, ուր ականատես եղած են, թէ ինչպէս երեխաները սաստիկ ցուրտ եղանակին կը դիմեն մօտակայ մզկիթներ կամ ջուր բաժնող կեդրոններ, քալելով անցնելով երկար՝ մօտ կէս ժամուան ճամբան, այնուհետեւ երկու ժամէն աւելի իրենց հերթն սպասելով, որպէսզի ջուր ստանան:

Յիշենք, որ «Եունիսէֆ» ջրմուղներ աշխատցնող ելեկտրածին կազմածներ եւ օրական 15 հազար լիթր վառելանիւթ կը տրամադրէ՝ օրական մօտ 3.5 միլիոն բնակիչի 200 հազար խորանարդ մեթր խմելու ջուր մատակարարելու համար: