Շառլ Ազնաւուր իր իր նոր գիրքին մէջ կը պատմէ, որ իր ընտանիքը համաշխարհային երկրորդ պատերազմի տարիներուն իրենց տան մէջ պահած է հրէաներ: Այս մասին կը գրէ կը գրէ «Հաարեց» թերթը, նշելով, որ Ազնաւուրի կեանքը լայնօրէն քննարկուած է, սակայն մինչեւ հիմա ան շատ քիչ բան ըսած է իր եւ իր ընտանիքի մարդասիրական գործի մասին: Ազնաւուրի ընտանիքը որոշած է գերմանական գրաւման տարիներուն փրկել հրէաներ, հայ դասալիքներ եւ դիմադրութեան շարժման գործիչներ` ապաստան տալով անոնց իրենց տան մէջ:
Իսրայէլական թերթի համաձայն, գիրքը մէկ այլ ցեղասպանութենէ փրկուածներու մասին կը պատմէ, որոնք մեծ վտանգի դիմելով իրենք իրենց պարտաւորուած զգացած են փրկելու միւս ցեղասպանութենէն տուժածները:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հրէական Հոլոքոսթի եւ այդ ցեղասպանութեան զոհերուն հարցերով զբաղող Ռաուլ Վալենպերգի միջազգային հիմնադրամը այսօր կոչ ըրած է անհատներու եւ կազմակերպութիւններու՝ ներկայացնելու համապատասխան վկայութիւններ եւ այլ ապացոյցներ՝ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ազնաւուրի ընտանիքի մարդասիրական գործունէութեան մասին: