image
Հրատապ լուրեր:

Շահան Արծրունի Այցելած Է Պոլիս

Շահան Արծրունի Այցելած Է Պոլիս

Պոլսհայ տաղանդաւոր երաժշտագէտ, դաշնակահար Շահան Արծրունի   անցնող օրերուն այցելած է Պոլիս: Այս  մասին տեղեկութիւնը  կը ստանանք  Պոլսոյ մեր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ նիւեորքաբնակ Արծրունի տարբեր երաժշտական ծրագիրներով յաճախ  կ'այցելէ Պոլիս: Արծրունի երաժշտական բեղուն աշխատանք կը տանի ե՛ւ որպէս կատարող, ե՛ւ որպէս ծանօթացնող ու տեսաբան: Արուեստագէտ Շահան Արծրունին իր վերջին աշխատանքներու մասին լուսաբանելով, ըսած է, որ ներկայիս կ'աշխատի հայ երաժշտութեան սկաւառակներու նոր շարքի մը պատրաստութեան վրայ, մօտաւորապէս ութը ձայնակապ, սկսեալ Ալան Յովհաննէսէն ու այլ մեծանուն հայ երաժիշտներէ: Ինչպէս ծանօթ է, Արծրունի նախապէս ալ պատրաստած էր նմանօրինակ շարքեր, եւ հայ երաժշտասէրներուն ծանօթացուցած էր անոնց համար  քիչ ծանօթ՝ տաղանդաւոր Ալան Յովհաննէսը, յօրինողի մը, որ հայոց երաժշտութեան ու Վանայ համայնապատկերի խորերէն դուրս բերած էր շատ արդիակն ու ազգաշունչ երաժշտութիւն մը: