image

Սէուտական Արաբիոյ Իսլամը սուտ Իսլամ է.Այման Ալ Զաուահիրի

Սէուտական Արաբիոյ Իսլամը սուտ Իսլամ է.Այման Ալ Զաուահիրի

«Ալ-Քաիտա»- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- «Ալ-Քաիտա» կազմակերպութեան առաջնորդ Այման Ալ-Զաուահիրին, կիրակի օր թողարկած ձայնագրութեան մէջ յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիան կեղծ իսլամ կը տարածէ, եւ «ճիհատ»ի կոչ ըրած է Բրիտանիոյ, Ամերիկայի եւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Ալ-Զաուահիրին իր յայտարարութեան մէջ նաեւ նկատել տուած է, որ Իսրայէլը Միացեալ Նահանգներէն դուրս գտնուող մեծագոյն ամերիկեան ռազմակայանն է եւ կոչ ըրած է «Շամի» տարածքին իրականցուող «ճիհատ»ը պաշտպանել Բրիտանիոյ, Ամերիկայի, Սէուտական Արաբիոյ եւ շրջանին մէջ իրենց հետեւող կողներու դաւադրական աշխատանքներէն:  Ան նաեւ նշած է, որ պէտք է զգուշանալ կեղծ իսլամ հաստատելու համար տարուող դաւադրական աշխատանքներէն: Զաուահիրին նաեւ յարձակած է «Տահէշ»ի եւ անոր առաջնորդ Ապու Պաքր Ալ-Պաղտատիի վրայ, ըսելով, որ կազմակերպութիւնը բռնի ուժի չի գործադրեր «Պայհայի» (զինք հնազանդեցնելու) համար, այլ կը թողու ազատ կամքին, եւ ոչ ոքի չի պարտադրեր, եւ այս պատճառով, ան «Տահէշ»ին անուանած է «նոր խաուարէճներ» (օրէնքէ դուրս եկողներ):