Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը Սին Էլ Ֆիլ շրջանի քաղաքապետութեան խորհուրդին համար որդեգրած է Աւետիս Երեմեանի թեկնածուութիւնը: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ կուսակցութեան օրկան «Արարատ» պարբերականը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ կուսակցութեան կեդրոնները պատրաստ են քուէարկելու պատրաստակամ մեր հայրենակիցներուն կարեւոր ցուցմունքներ տալ: