image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ Մէջ Հայերէն Պիտի Դասաւանդուի

Ռուսիոյ Մէջ Հայերէն Պիտի Դասաւանդուի

Ասթանայի‚ Մոսկուայի‚ Երեւանի եւ Քիշնեւի փորձագէտներու կողմէ քննարկած են կրթութեան ոլորտի համագործակցութեան հարցեր եւ անդրադարձած են ԱՊՀ երկիրներուն մէջ կրթական համակարգի որակի բարելաւման նախագիծերուն։

«Սփութնիք Արմենիա» միջազգային մամլոյ կեդրոնի կազմակերպած «Կրթութեան տարին ԱՊՀ-ի մէջ. Հնարաւորութիւններ երիտասարդ սերունդի համար» տեսակապի ժամանակ յայտարարուած է‚ որ Ռուսիոյ տարածքին հայկական դպրոցներ բանալու ուղղութեամբ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան։

Ինչպէս պարզաբանած է Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Տիգրան Սահակեանը‚ դպրոցներ պիտի բացուին հայաբնակ քաղաքներուն՝ Մոսկուայի‚ Սան Փեթերզպուրկի‚ Սոչիի եւ Կրասնոտարի մէջ։

«Այժմ մենք ռուսական կողմի հետ կը քննարկենք համագործակցութեան ձեւաչափըկա՛մ պէտք է դպրոցներ եւ դասարաններ բանալ‚ կա՛մ հայերէն լեզուով քանի մը առարկաներ ներմուծել հանրակրթական դպրոցներուն մէջ։ Պէտք է հասկնալ‚ թէ ինչպէս պիտի գործէ փորձառական ծրագիրը՝ հետագայ համագործակցութիւնը պատկերացնելու համար»‚- ըսած է Սահակեանը։

Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի մէջ գործող ռուսալեզու բարձրագոյն ուսման կեդրոններու կուտակուած փորձառութիւնը ուրախութեամբ կ’ուզէ փոխանցել գործընկերներուն‚ տեղեկացնելով, որ Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն կը ստանայ աւելի քան 5000 արտասահմանեան ուսանող՝ Ռուսիայէն‚ Միջին Արեւելքէն‚ Իրանէն եւ Հնդկաստանէն։

Տեսակապի ծիրէն ներս քննարկուած է նաեւ պետութիւններու համագործակցութեան ուժեղացման‚ կրթութեան ոլորտին մէջ համատեղ նախագիծերու իրագործման‚ կրթութեան միասնական չափանիշերու մշակման կարեւորութեան մասին:

 

Նիւթի Աղբիւր՝ HorizonWeekly