image

Ռուսական նոր հակաթանկային հզօր զէնք մը

Ռուսական նոր հակաթանկային հզօր զէնք մը

Ռուսիա-(«Ալ-Տիար»- Պէյրութ)-Երկար տարիներ Ռուսիայէն դուրս փորձարկութենէ ետք, հրթիռային համակարգով աշխատող «Mitis- M1» հակաթանկայինը որոշուած է կիրառել նաեւ ռուսական բանակի կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն համաձայնած է նոր հակաթանկային «Mitis- M-1»ի օգտագործումը ռուսական բանակի մէջ, նշելով, որ այս որոշումը կայացած էր նախորդ տարուան նոյեմբեր ամսուն, եւ հաստատուած էր վերջերս՝ յաղթանակի տօնի նախօրէին:

Աղբիւրը կը նշէ, որ ռուսական այս զէնքը կ'օգտագործուէր աշխարհի շատ մը բանակներու կողմէ, բացառութեամբ՝ ռուսականին, որովհետեւ Ռուսաստանի Սպայակոյտի  նախկին ղեկավար Նիքոլայ Մաքարովը այս համակարգը նկատած էր ոչ արդիւնաւետ, եւ զրահապատներու ու արդիական թանկերու դէմ կանգնելու անկարող՝  նկատի ունենալով անոնց թեթեւութիւնն ու փոքրութիւնը:

Կը նշուի, որ «Mitis- M1»ը Ռուսաստանի մէջ վերջին տարիներուն  մշակուած միակ շալկուող հրթիռային համակարգով աշխատող հակաթանկայինն է, որ կը դասակարգուի «գրպանի հրետանի» բաժնին մէջ, եւ կ'օգտագործուի հետեւակային խումբերու կողմէ, որոնք կ'աշխատին յարձակման կամ պաշտպանութեան առաջնային գիծերուն վրայ:

«Mitis- M1»ը ըստ փորձագէտներու, իւրայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ, շնորհիւ կշիռքի եւ չափի իր յատկութիւններուն, որ հնարաւորութիւն կու տայ զէնքին՝ պատերազմի դաշտին վրայ տեղափոխուիլ  առանց շարժողական միջոցներու օգտագործման: