image

Ռուսական «Եախոնթ»ը կրնայ փոխել «խաղի կանոնները»

Ռուսական «Եախոնթ»ը կրնայ  փոխել  «խաղի կանոնները»

 Իսրայէլեան բազմաթիւ աղբիւրներ այսօր տեղեկութիւն  փոխանցած են   այն մասին, որ լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը տիրացած է ռուսական  գերարդիական  «Եախոնթ» (P-800) հրթիռներուն: Այս մասին, նոյնպէս տեղեկութիւն ստացած է Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւէկտոր Լիպըրման, որ օրերս կը գտնուի Միւնըխ մասնկացելու միջազգային  անվտանգութեան  գագաթաժողովին:  

   Կը փոխանցուի նաեւ, որ «Հըզպալլա» իր դաշնակիցներէն ստացած է ութը «Եախոնթ» տիպի հրթիռներ, որոնց հասողութիւնն է 300 քլմ. եւ հրթիռները կարողութիւն  ունին «հանգիստ»  ձեւով խոցել Իսրայէլի ծովափը գտնուող ցանկացած մարտանաւ: Ըստ «Ետիհոթ ահրոնոթ» պարբերականին ռուսական արտադրութեան այս հրթիռները կրնան հեշտ եւ երեւալի  ձեւով փոխել  «Հըզպալլա»- Իսրայէլ   «բաց հակամարտութեան»  բոլոր կանոնները եւ ստեղծել ընդհանուր նոր իրավիճակ:  

Յիշեցնենք, որ այս տեղեկութիւնները կը հրապարակուին մէկ կողմէ իսրայէլիցի  պաշտօնատարներու «Հըզպալլա»ն եւ Լիբանանը   թիրախ  դարձնելու   եւ միւս կողմէ «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլաի օրեր առաջ  հնչեցեցուցած  եւ  իսրայէլին դէմ ուղղուած «սպառնալիքներու»ն զուգընթաց:  Յիշեցնելու կարգով յայտնենք, որ երկու կողմերուն  միջեւ վերջին մեծագոյն ճակատումը տեղի ունեցած էր  2006-ին, երբ իսրայէլեան բանակը 33 օր տեւած պատերազմէն ետք ընդունած էր ՄԱԿ-ի կողմէ առաջարկուած հրադադարը: Հրադադարի հաստատումէն օրեր ետք ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը հրապարակած էր թիւ 1701 որոշումը, որ երկու հակամարտող կողմերուն (Իսրայէլ եւ «Հըզպալլա») թելադրած էր պատերզմական իրավիճակը  սաստելու յատուկ  մէքանիզմներ, որոնց  հսկողութիւնը ցայսօր կը կատարուի ՄԱԿ-ի «Եունիֆիլ»ի խաղաղապահ ուժերուն կողմէ եւ որուն մաս կը կազմեն, նոյնպէս ՀՀ-ի ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան  մաս  կազմող յատուկ ջոկատ մը: