Քեսապի մէջ նշած են Բարեկենդանի տօնը: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Քեսապի մեր աղբիւրէն: Տօնը նշուած է հայաւանի Հ.Կ.Մ.ի (Հայ Կաթողիկէ Միութիւն) ակումբէն ներս, տեղի ունեցած են խաղեր, երգեր, պարեր, մրցումներ եւ հիւրասիրութիւն: Օրուան «լաւագոյն ծպտուածը» մրցումին առաջին հանդիսած դիրքը գրաւած են՝ Նորայր Դանիէլեան եւ Աստղիկ Դանիէլեան: Տօնին իրենց մանակցութիւնը բերած երեխաները ուրախ տրամադրութեամբ մը վերադարձած են իրենց տուները: