image

Քաղաքական Միտքը Պէտք Է «Ռազմականացնել». Մարի Մերտխանեան

Քաղաքական Միտքը Պէտք Է «Ռազմականացնել». Մարի Մերտխանեան

Մայիսը յաղթանակներու ամիս է:

Շուշիի ազատագրումը ամրապնդեց Սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Հայութեան զինուորական միտքի եւ ոյժի նորագոյն յաղթանակն է Շուշին:

Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ-Ապարանի յաղթական ճակատամարտերը, աւելի քան 6 դար վերջ,  ճամբայ բացին Հայաստան-պետութեան ծնունդին:

Աւարայրի ճակատամարտը ուղի հարթեց յաջորդական ապստամբութիւններու, որոնք շարունակուեցան մինչեւ եւ աւարտեցան Նուարսակի դաշնագիրով (484):

Այս դաշնագիրով Հայաստանը ապահովեց ապահովեց իր ներքին ինքնուրոյնությունը։ Պարսից արքունիքը պարտաւորուեցաւ վերացնել կրօնափոխութեան հարկադրանքը, յարգել պետական պաշտօնեաները, չմիջամտել հայ նախարարներու ներքի գործերուն եւայլն...

Մայիսեան մեր բոլոր յաղթանակները ռազմական են: Ատոնք ռազմական ճակատներու վրայ արձանագրուած իրական յաղթանակներ են. ամէնէն վաւերական վկաներն են մեր ժողովուրդի արիութեան, մարտունակութեան ու ապրելու  կամքին: Ամէնէն անհաւանական պահերուն մեր ժողովուրդը կրցած է կապանքները թափահարել ու հարուածել:

Եւ, ամէնէն կարեւորը՝ յաղթանակները ամրագրուած են, երբ որ քաղաքական ճիշդ քայլեր յաջորդած են անոնց: Ինքնուրոյնութիւն հաստատող ու ամրագրող որոշումներ կայացուած են:

Ապրիլի սկիզբը կատարուած ազերիական յարձակումը նպատակին չհասաւ: Հայ զինուորը ճակատին վրայ իր խօսքը ըսաւ: Որքան ալ զօրաւոր՝ այդ խօսքը ամբողջական պիտի չըլլայ, եթէ քաղաքական խօսքը այդ զօրութեան չհասնի: Մարտական կռիւները կացութիւններ կը ստեղծեն, որոնք քաղաքական թեւին այս կամ այն ձեւով շարժելու հնարաւորութիւն կու տան: Քաղաքական գործիչները կրնան այդ յաջողութեան հասնիլ, եթէ որպէս երկիրի «քաղաքական զինուոր» մտածեն:

Ռազմական ու ժողովրդային բանակներուն պէտք է միանայ «քաղաքական բանակը»:

Երբեմն կը մտածեմ, որ չունինք քաղաքական դպրոց, մեր մարտական յաղթանակներուն հաւասար քաղաքական միտք: Պատճառներէն մէկը, անկասկած, հարիւրաւոր տարիներ պետականութենէ զրկուած մեր իրականութիւնն է: Այսօր այդ դպրոցը ստեղծելու անհրաժեշտութեան դիմաց ենք: Մօտաւորապէս քառորդ դար անկախ ապրած երկիրը պէ՛տք է ունենայ սեփական քաղաքական միտք: Սեփական միտք չի նշանակեր այս կամ այն կողմը ժխտող, բացառող միտք: Կը նշանակէ՝ հողին վրայ տիրող կացութիւնները պետականութեան ամրապնդման միջոց դարձնելու ունակութեամբ օժտուած միտք:

Պէտք է մեր քաղաքական միտքը ռազմական յաջողութեան հասնի: հիմա այս բանաձեւը կենսագործելու պահն է: Ալ ճար չկայ:


Մարի Մերտխանեան