Ֆրանսա- «Արեւելք»ի Փարիզի աղբիւրները կը յայտնեն, որ մահացած է Ժագ Թորանեան: Թորանեան Փարիզ հրապարակուող ֆրանսագիր «Նուվէլ տ'Արմէնի» պարբերականին հիմնադիրն ու առաջին խմբագիրն էր: Ան պարբերականի ներկայ խմբագիր Տիար Արա Թորանեանի հայրն է: Ժագ Թորանեան մեծ աւանդ ունեցած է Փարիզահայ համայնքի կեանքին մէջ: Թորանեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 1 Սեպտեմբերին Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Տաճարին մէջ :