image

Պէյրութի մէջ առեւանգուած չորս իրանցի պատանդները ողջ են

Պէյրութի մէջ  առեւանգուած  չորս իրանցի  պատանդները ողջ են

Պէյրութի մէջ  առեւանգուած չորս իրանցի դիւանագէտները ողջ են: Այս մասին  կը գրէ «Շարըք Ալ Աուսաթ» պարբերականը նշելով, որ ըստ  Իրանի «Յեղափոխութեան  պահակներ»ու նախկին   պատասխանատուներէն   Իսմահիլ Քաուսարիի, չորս իրանցիները կը գտնուինԻսրայէլի մէջ: Իրանցի պատասխաատուն նաեւ ըսած է, որ Թեհրան  աւելի վաղ մերժած է «Հըզպալլա»ի  զինուորական առաջնորդներէն  Իմատ Մուղնիյէի մէկ  նախաձեռնութիւնը, որուն հիմամբ   իրանցի  դիւանագէտներու ազատ արձակման դիմաց «Հըզպալլա»   ազատ պիտի արձակէր իր մօտ գտնուող ամերիկացի  դիւանագէտ մը: Իր կարգին    Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Հասան Տահքան,  անդրադառնալով  նոյն թեմային, ըսած է, թէ  իրանցի   չորս դիւանագէտներուն ապահովութիւնը  Իսրայէլի  կառավարութեան  եւ պետական  մարմիններու պատասխանատուութիւնն է: Յիշեցնենք, որ չորս իրանցի  դիւանագէտները  առեւանգուած էին Պէյրութի մէջ 1982-ին «Լիբանանեան ուժեր» միլիցի  զինեալներուն կողմէ: