«Զաւարեան ուսանողական միութեան» (ՀՅԴ) խումբ մը երիտասարդներ բողոքի ելոյթ ունեցած են երէկ Պէյրութի «Սուրբ Հոգի» համալսարանէն ներս: Նշենք, որ համալսարանը իր կազմակերպած հերթական դասախօսութիւններու ծիրէն ներս հրաւիրած էր թուրք պատմաբան Իլպէր Օրթայլին, որ պիտի ներկայացնէր «Արդի Թուրքիոյ պատմութիւն»ը խորագրեալ նիւթ մը:
Դասախօսութեան սկիզբը Հրանդ Տինքը եւ Սեւակ Պալըքճին պատկերող շապիկներ հագած երիտասարդները ոտքի ելած են եւ վանկարկումներ կատարած են ցայսօր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ուրացող թրքական պետութեան դէմ: Անոնք բացագանչած են «Ցեղասպանութիւնը ուրացողներ, չմոռնաք, որ մենք այստեղ ենք», «Ամօթ ձեզի» եւ այլ վանկարկումներ: Պահ մը ետք երիտասարդները եւ սրահը եղողներուն մեծ մասը հեռացած է դասախօսական հանդիպումէն: Կարգ մը ներկայ եղողներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հարցեր տուած են Ցեղասպանութեան փաստը ուրացող պատմաբանին, որ բնականաբար մերժած է պատասխանել:
Նշենք, որ ԶՈՄ-ի երիտասարդները այս առթիւ հրապարակած են կարճ հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ այսօրուան Թուրքիան կը շարունակէ իր ցեղապաշտական մօտեցումները: Անոնք նաեւ ըսած են, որ Թուրքիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան բնաջնջական քաղաքականութեան թիրախ դարձած են, ոչ միայն հայերը, այլեւ յոյներն ու քիւրտերը:
Հայ համալսարանականները նաեւ հաստատած են, որ Մարոնիթ համայնքի հովանաւորութիւնը վայելող «Սուրբ Հոգի» համալսարանը, ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը մնայ մարդկային դատերու պաշտպան հիմնարկ մը եւ արդարութեան ջատագով կրթական բարձր հաստատութիւն, հետեւաբար համալսարանը պէտք է զգոյշ ըլլայ Օրթայլիի նման ուրացող եւ կողմնակալ պատմաբաններու հարթակ տրամադրելէ:



