Իսրայէլ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Իսրայէլեան դատախազութիւնը այսօր ցմահ ազատազրկմամբ դատապարտած է իսրայէլցի հրեային, որ առեւանգած եւ այրելով սպաննած էր պաղեստինցի Մուհամմատ Ապու Խուտայրին, երկու տարի առաջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ 31-ամեայ ամբաստանեալ Ժոզէֆ Հայիմ Ըպն Տավիտը նկատուած է ոճիրի դրդիչն ու գլխաւոր գործադրողը, որ առեւանգած եւ սպաննած էր Խուտայրը, 2 յուլիս 2014-ին, գրաւեալ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ:
Նշենք, որ Ապու Խուտայրի սպաննութիւնը, որ մեծ ցնցում պատճառած էր պաղեստինեան հանրային կարծիքի մօտ, պատճառ դարձաւ բռնութիւններու թէժացման, հասցնելով մինչեւ 2014-ի յուլիս եւ օգոստոս ամիսներու Կազայի կռիւներուն: