Փողոց մը պիտի անուանի հայազգի բժիշկ Տիգրան Թորաման անունով: Նշենք, բժիշկը ներկայիս կը բնակի Սեւ Ծովեան Օրտու քաղաքին մէջ: Ան իր մատուցած ծառայութիւններուն համար սիրուած է տեղի ժողովուրդէն: Տեղի «Օրտու Օլայ» պարբերականը , որպէս յարգանքի արտայայտութիւն անցեալ 20 Յունուարէն սկսեալ ստորագրահաւաք մը սկսած է, որուն նպատակն է բժիշկին անունով կոչել Օրտույի գլխաւոր փողոցներէն մին: Հարիւրաւոր ընթերցողներու դրական արձագանքէն ետք Ալթընօրտուի Քաղաքապետութիւնը եւս միացած է այս նախաձեռնութեան եւ ներկայիս ընթացքի մէջ շրջանի փողոցներէն մին հայազգի բժիշկին անունով վերակոչելու օրինական գործընթացը: Քաղաքապետարանը նոյնպէս առաջարկ ըրած է շրջանի հանրապարտէզներէն մին եւս կոչել բժիշկ Թորամանին անունով: Հաւանաբար այս անունով պիտի կոչուի այն փողոցը ուր կ'ապրի ան: Օրտուի մէջ լոյս տեսնող բոլոր թերթերը այս օրերուն լեցուն են Տոքթ. Թորամանի մասին լուրերով: Այս բոլորէն հմայուած է նաեւ ինքը, Տոքթ. Թորաման, որ թէեւ ուրախ է եւ կը դժուարանայ հաւատալու, որ այսպիսի բան մը կ'իրականանայ, բայց միւս կողմէ վարանումներ ունի. Եթէ նոյնիսկ իմ անունը տրուի, ատիկա որքա՞ն կեանք կրնայ ունենալ» ըսած է ան թերթի խմբագրութեան:Թերթերը կը հրատարակեն նաեւ նշանաւոր Օրտուցիներու կողմէ Տոքթ. Թորամանի մասին արտասանուած դրուատալից խօսքերը: Ամէն պարագայի «Օրտու Օլայ» թերթը մեծատառ գրած է. «Տիգրան Թորաման անունը պիտի ապրի»: