Իտալիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Իտալիոյ ոստիկանութիւնը ապաստան հայցող երեք փախստականներ ձերբակալած է՝ անոնց բջիջային հեռախօսներուն մէջ կարգ մը եւրոպական երկիրներու մէջ ահաբեկչական գործողութիւններու հաւանական թիրախներ բացայայտելէ ետք: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ ոստիկանութիւնը գրաւած է անոնց հեռախօսները եւ ժամանակաւորապէս կալանքի ենթարկած է կասկածեալները, երբ անոնք Իտալիոյ առեւտրային կեդրոններէն մէկը կը նկարէին:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ քսանի մօտ եղող կալանաւորներէն երկուքը աֆղան էին, իսկ մէկը՝ փաքիստանցի: Անոնց հեռախօսին մէջ գտնուած է նաեւ աֆղանեան «Թալիպան» շարժումին քարոզչութիւն ընող տեսահոլովակներ, ինչպէս նաեւ անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու կոչ ընող երգեր եւ ծայրայեղական կայքերու յղումներ: