Պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն այցելած Լիբանանի «Պետական ծրագրաւորման» նախարար Տիար Միշէլ Ֆարաոն հարցազրոյց մը տուած է հայրենի «Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւն» կայանին: Վերլուծաբան եւ լրագրող Աբրահամ Գասպարեանի «Օրակարգ-հարցազրոյց» յայտագրին նախարար Ֆարոնի տուած հարցազրոյցը կարելի է դիտել քիչ անց ժամը 19:45-ին (Պէյրութի ժամով ժամը 18:45-ին):