Թուրքիա- («Թուտէյզ Զաման»- Պոլիս) Ձախ թեքումներ ունեցող Մուրատ Պէլկէն « Todays Zaman»-ին իր տուած հարցազրիյցին ընթացքին յայտարարած է, որ ինք չի հաւատար, որ Թրքական հասրակութիւնը ժողովրդավարական մշակոյթ ունի, եւ հետեւաբար դեռ ժամանակ պէտք է, մինչեւ որ իսկական ժողովրդավարութիւնը Թուրքիա հասնի: Ան նշած է նաեւ, որ ինք կ'ընթադրէ, որ սեւ օրեր կը սպասեն Թուրքիոյ, եւ այդ մէկը բնական երեւոյթ է երկար տարիներ խնամակալ իշախանութեան ներքոյ ապրող հասարակութեան մը համար, չնայած ան համոզուած է, որ ընկերութիւնը դուրս պիտի գայ այս վիճակէն, եւ ճամբայ պիտի հարթէ ժողովրդավարութեան առջեւ:Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ վերջերս արձանագրուած դէպքերուն ան ըսած է, «Սովորական դարձած է արդէն, արթննալ նոր ցաւալի լուրերու վրայ՝ ջարդեր, ձերբակալումներ, մահապատիժներու: Վերջերս, Տիարպէքիրի իրաւաբաններու ընկերակցութեան նախագահը՝ Թահիր Էլչին սպաննուած է, անկէ առաջ Թուրքիոյ երկու ամենակարեւոր լրագրողներէ՝ Ճան Տիւնտար եւ Էրտէմ Կիւլ, ձերբակալուած են, ներկայիս, մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ փլուզման եզրին հասած են, եւ ասոնք միայն նախորդ շաբաթներու գլխաւոր պատահարներն են: Ըստ երեւոյթին մենք սխալ ուղղութեամբ կ'երթանք ե՛ւ տեղական ե՛ւ միջազգային գետնի վրայ»:
Պէլկէ յայտնած է, թէ ինք չի հաւատար, որ Թուրքիոյ ընկերութիւնը ժողովրդավարական մշակոյթ ունի, այս ուղղութեամբ, ան նշած է նաեւ , թէ Թուրքիոյ բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը մտածէ ոչ թէ՝ սկզբունքային, այլ անձանական շահերու տեսանկիւնէ:
Զրոյցի վերջաւորութեան Պէլկէ նշած է, որ պէտք է տեսնել այն իրականութիւնը, որ մեզ կը պակսի եւ այդ մէկը Թուրքիոյ ժողովրդավարական համակարգն է: