image

Մոնթեկրափփա- Էրեբունի Հայկական Գրիչը MIDDLE EAST JEWELLERY Մրցանակ Ստացաւ

Մոնթեկրափփա- Էրեբունի Հայկական  Գրիչը MIDDLE EAST JEWELLERY Մրցանակ Ստացաւ

Մոնթեկրափփա-Իտալիա ընկերութիւնը եւ “Էրեբունի Հայկական Գրիչ”ի նախաձեռնող խումբը հպարտութեամբ կը ծանուցանեն, որ “Մոնթեկրափփա-Էրեբունի Գրիչ”ի հաւաքածոն ստացած է Middle East Jewellery -Year 2015 մրցանակը, “Լաւագոյն Արուստի եւ Ձեռարուեստի Գործ” դասակարգումին մէջ: Գրիչը լաւագոյնը ճանչցուեցաւ զանազան դասակարգումներու մէջ մեծաթիւ ընկերութիւններու կողմէ ներկայացուած 382 մրցոյթային գործերուն մէջ:Մրցանակը շնորհուեցաւ 23 Նոյեմբեր 2015-ին, Four Seasons Bahrain Bay հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, հովանաւորութեամբ Պահրէյնի թագաւորութեան Ճարտարարուեստի, առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Զայէտ պըն Ռաշիտ Ալզայանի իշխանին: Հադիսութեան եւ այդ առիթով կայացած ընթրիքին ներկայ եղան ոսկերչական եւ գրչարտադրական հաստատութիւններու աւելի քան 300 առաջնակարգ եւ  շրջանային ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հանրածանօթ հիւրեր:

Middle East Jewellery ամենամեայ մրցանակը, որ յաջորդաբար 11-րդ տարին ըլլալով է, որ կը շնորհուի, նախաձեռնութիւն է Arabian Watches & Jewellery ամսագրին, Jewellery Arabia ամենամեայ ցուցահանդէսին հետ  գործակցաբար: Ինչպէս նկատել տրուած է այս տարուան մրցանակաբաշխութեան առիթով Jewellery Arabia-ի կողմք հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, “մրցանակը մեծ համարում կը վայելէ ոսկերչական հաստատութիւններու եւ առեւտրական հիմնարկներուն մօտ՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին”: “Middle East Jewellery մրցանակաբաշխութիւնը միակն է, որ նման մակարդակով կը կազմակերպուի Պահրէյնի եւ Միջին Արեւելքի մէջ,  եւ կը վայելէ տեղական, շրջանային եւ միջազգային վստահութիւն: Մրցանակները կը տրուին յստակօրէն սահմանուած չափանիշներու համաձայն, որոնք կը յատկանշուին անաչառութեամբ եւ արհեստավարժութեամբ, վերահսկուելով այս մարզին մէջ հեղինակութիւն ունեցող 16 փորձագէտներէ կազմուած անկախ դատակազմի մը կողմէ՝ ընտրութեան մէջ հանրութեան մասնակցութեամբ”, ըսուած է նոյն հաղորդագրութեան մէջ:

“Էրեբունի Գրիչ”ը նախաձեռնութիւնն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած երկու ակնառու հայ գործարարներու՝ Գրիգոր Ճապուրեան եւ Տիգրան Չապլաքեան:  Անոր ձեւաւորումը գործն է լիբանանահայ արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետ Սագայեանի, իսկ արտադրութիւնը՝ Մոնթեկրափփա հաստատութեան, որ գրիչներու արտադրութեան Իտալիոյ ամենահին հաստատութիւնն է եւ աշխարհի ամենաբարձրակարգերէն մէկը:

Զարդարուած հայ դարաւոր արուեստէն եւ հոգեւոր մշակոյթէն ներշնչուած խորհրդանիշերով, “Էրեբունի Գրիչ”ը իւրայատուկ նշում մըն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ գեղեցկագոյն մեծարում մը՝ հազարաւոր տարիներու ընթացքին Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդի ստեղծած մշակութային արժէքներուն:

Գրիչին կ՛ընկերանայ ութ լեզուներով յուշամատեան մը, ուր ներկայացուած են Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ իրենց կարեւորագոյն ներդրումը ունեցած 61 հայ անձնաւորութիւններ: Գիրքին հեղինակն է դոկտ. Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան:

3 Դեկտեմբեր, 2015