image

Մեզի համար Եւրոմիութեան անդամութիւնը կարեւոր թիրախ է

Մեզի համար Եւրոմիութեան անդամութիւնը կարեւոր թիրախ է

Թուրքիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր արտասանած իր ճառին մէջ ըսած է,  որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը «ռազմավարական թիրախ» կը նկատէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ Էրտողան նաեւ  շեշտած է, որ թուրքերու առանց այցեգիրի (վիզա) Եւրոպա մուտքն ու երթեւեկը պէտք է փութացնէ Թուրքիոյ Եւրոպա մուտքը: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ առանց այցեգրի Եւրոպա մուտքի արտօնութիւնը պիտի թեթեւցնէ Եւրոպայի դռներուն առջեւ 50 տարուան սպասումի յուսախաբութիւնը»:

Միւս կողմէն, Թուրքիա օգտագործելով փախստականներու՝ Թուրքիոյ ճամբով դէպի Եւրոպա հոսքի կասեցման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը, յայտնած էր, որ ան պիտի չիրականացուի, եթէ Թուրքիոյ՝ առանց այցեգրի Եւրոպա մուտքը չարտօնուի: Այս յայտարարութիւնը, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հրաժարման հետ մէկտեղ մտահոգութիւն պատճառած է Եւրոպական Միութեան վարիչներուն, որ նման զարգացումներ կրնան վերստին զարկ տալ գաղթականներու Եւրոպա հոսքին` Թուրքիոյ վրայով: