image

Մերքէլ պահանջած Է արագացնել փախստականներու արտաքսումը

Մերքէլ պահանջած Է արագացնել փախստականներու արտաքսումը

BBC-ի փոխանցմամբ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ պահանջած Է արագացնել ապաստան տրամադրելու դիմումը մերժուած փախստականներու իրենց երկիր ուղարկումը, այն բանէն ետք, երբ ծնունդով թունէսցի Անիս Ամրին Պերլինի Սուրբ ծննդեան տօնավաճառին բեռնատարը մխրճած է բազմութեան մէջ:

«Պաշտօնեաներու գերմանական միութիւն» արհմիութենական միաւորման համագումարին ելոյթ ունենալով՝ Մերքէլ ըսած Է, որ Գերմանիոյ գաղթականութեան քաղաքականութեան մէջ անհրաժեշտ են միջոցներ, որոնք թոյլ կու տան տուն ուղարկել այն գաղթականներուն, որոնց ապաստան տրամադրելու խնդրագիրը մերժուած Է: 

Մերքէլ յորդորած Է գործադրել բոլոր ջանքերը եւ երաշխաւորել, որ ապաստան ստացած գաղթականները ընդելուզուին գերմանական հասարակութեան մէջ, իսկ մնացածները  երկրէն հեռանան: