image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր Պարտականութիւնն է Բարձրացնել Արազներու Թիւը». Արամ Գուրան

«Մեր Պարտականութիւնն է Բարձրացնել Արազներու Թիւը». Արամ  Գուրան

Ինչպէս նախապէս հաղորդած ենք, Պէշիկթաշ խումբին հետ 3,5 տարուան համար պայմանագիր կնքած Հայաստանի ֆութպոլիսթ Արազ Օզպիլիսի դէմ հակազդեցութիւններ ծագած են Թուրքիոյ ընկերային ցանցերուն  մէջ՝ կապուած անոր հայկական ինքնութեան: Սակայն, այդ հակազդեցութիւնները ժխտական արդիւնք չեն ունեցած Պէշիկթաշի վարչութեան մօտ, որ տէր կանգնած է Արազին: Այս մասին գրած է  «Սթատիում» պարբերաթերթի հրատարակութեան տնօրէն Արամ Գուրանը անդրադառնալով Արազի հարցին եւ  ըսած. «Փոխանակ Արազը մաշեցնելու, պէտք է տէր կանգնինք անոր»,- աւելցնելով, որ իրենց պարտականութիւնն է բարձրացնել Արազներու թիւը: Կը նշուի նաեւ, որ Պէշիկթաշի վարչութեան ցուցաբերած նման հոգատար վերաբերմունքը Արազ Օզպիլիսիի նկատմամաբ գոհունակութիւն պատճառած է տեղւոյն հայ համայնքին: