Ֆրանսական Ազգային ճակատ կուսակցութեան նախագահ եւ երկրի նախագահութեան թեկնածու՝ Մարիան Լը Բան, օտարազգի երեխաները անվճար ուսման իրաւունքէն զրկելու կոչ բարձրացուցած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ Անատոլու գործակալութիւնը, աւելցնելով, թէ Լը Բան նկատի ունի անօրէն ձեւով Ֆրանսա կայք հաստատած երեխաները:
Յայտնենք, որ Լը Բան 6 տարիէ ի վեր կը ջանայ իր նախագահած աջակողմեան կուսակցութեան ծայրայեղական ըլլալու պատկերը մարդոց մտքերուն մէջ փոխել, աւելի մեծ քաջալերանք ստանալու համար՝ 23 ապրիլէն 7 մայիս երկարող, նախօրօք որոշուած նախագահական ընտրութիւններուն: Ան կը դատապարտէ «մշակութային բազմազանութեան վտանգները» եւ կը մերժէ նոր գաղթականներ ընդունիլ իր երկրէն ներս, բացայայտելով իսլամներուն նկատմամբ ունեցած իր մտավախութիւնը:
Նշենք, որ Տոնալտ Թրամբի ԱՄՆ-ի նախագահի պաշտօնին ընտրութենէն ետք, Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Մանուէլ Վալս կանխատեսած է ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան ղեկավարի յաղթութեան «հաւանականութիւնը»: