Պրազիլ- («Էլ-Նաշրա»- Պէյրութ)- Պրազիլի քոնկրէսի կողմէ երկիր նախագահ Տիլմա Ռուսէֆը պաշտօնէն հեռացնելու որոշումէն ետք, լիբանանցի Միշէլ Թամէր Պրազիլի ժամանակաւոր նախագահութիւնը ստանձնած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Էլ-Նաշրա» կայքը, նշելով, որ քուէարկութեան ժամանակ, Թամէր ապահոված էր անհրաժեշտ մեծամասնութեան ձայները, որ կազմած էր 41 ձայն: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ երէկ տեղի ունեցած պատմական քուէարկութեան ընդհանուր 81 անդամներէն ներկայ եղած էին 78-ը, որոնցմէ 71-ին իրաւունք տրուած էր քուէարկել Ամազոնի շրջանին առաջին կին նախագահի պաշտօնէ հեռացման կողմ կամ դէմ: Երէկուան արդիւնքներու համաձայն, ուր 58 քուէարկողներէն 16-ը մերժած էին անոր հեռացումը, մինչ 41-ը կողմնակից եղած էին անոր հեռացման, եւ մէկ անձ ձեռնպահ մնացած էր՝ Տիլմայի հեռացումը եղած էր օրինական:
Աղբիւրը կը նշէ, որ 75-ամեայ Թամէրը ծնած է Սան-Փաուլո նահանգի քաղաքներէն մէկուն մէջ: Այսօրուընէ սկսեալ, անոր վստահուած է բնակչութեան քանակով եւ տարածութեամբ աշխարհի 5-րդ տեղը գրաւող պետութեան նախագահութիւնը, որուն տարածքը կը կազմէ 8 միլիոն 515 հազար քմ քառակուսի, իսկ բնակչութեան թիւը կը հասնի 206 միլիոն մարդ, որոնցմէ 6 միլիոնը արմատով լիբանանցիներ են: