image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ Կարիքաւոր Ընտանիքներ Օգնութիւն Ստացած Են

Լիբանանահայ Կարիքաւոր Ընտանիքներ Օգնութիւն Ստացած Են

  Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, որ ամիսներու վրայ երկարող ուտեստեղէնի եւ կենցաղային պիտոյքներու օժանդակութիւններ կատարած էր Սուրիոյ դէպքերուն հետեւանքով Լիբանան ապաստանած սուրիահայ ընտանիքներու, վերամուտի օրերուն ուտեստեղէնի յատուկ ծրարներ տրամադրած է  թիւով 98 կարիքաւոր լիբանանահայ ընտանիքներու` փորձելով իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ թեթեւցնել տնտեսական տագնապի հետեւանքով բազմացող կենցաղային դժուարութիւնները: Նշենք, որ այս մասին տեղեկութիւնը  տարածած է     Պէյրութի մէջ  գործող երեսփոխանական գրասենեակը: