Վերջին երկու օրերու ընթացքին, ողջ Լիբանան ցնցուած է, 4 տարեկան երեխայ՝ Ի.Ա.-ի մահով, որ տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի պետական հիւանդանոցին մէջ:
Չի բաւեր, որ Լիբանան կ'ապրի տնտեսական եւ ընկերային առումներով դժուար օրեր, եւ ժողովուրդը կը տառապի սղաճէ ու անգործութենէ, այս անգամ առողջապահական գետնի վրայ, հիւանդանոցները, հեռու իրենց մարդկային առաքելութիւններէն, կը ձգտին ապահովել նիւթական շահեր, նոյնիսկ երեխաներու առողջութեան հաշւոյն:
Այս մասին գրած է «Ալ Արապիա» կայքը, աւելցնելով, թէ այս բոլորը տեղի կ'ունենան կառավարութեան հսկողութեան բացակայութեան՝ մանաւանդ առողջապահական ոլորտի եւ առողջապահական յանցագործութիւնները անպատիժ ձգող պայմաններու մէջ:
Երեխայի հայրը՝ Պիլալ Ալ Մանէ «Ալ Արապիա» կայքին պատմած է.- «Կիրակի երեկոյեան ժամը 10:00-ին, որդիս փոխադրեցի հիւանդանոց, ան ունէր բարձր ջերմութիւն եւ բոբոքում, ինչ որ կը պարտադրէր վերականդանցման բաժին փոխադրել: Բուժքոյրերուն հետ վիճաբանելէ ետք, մեզմէ խնդրեցին սպասել մասնագէտ բժիշկին: Երկու ժամ սպասումէն ետք, ի վերջոյ տեղեկացուցին, որ մեծերու բաժնին մէջ շնչառական սարք մը ազատ է, եւ պէտք է տեղափոխել երեխաներու բաժին»: Ըստ երեխայի հօր, վարչական կիրառումները տեւած են մօտաւորապէս 4 ժամ, որովհետեւ չեն կրցած կապուիլ հիւանդանոցի տնօրէնին հետ հիւանդ երեխայի մուտք գործել թոյլատրելու համար։ Այդ ընթացքին երեխան իր հօր ձեռքերուն մէջ, դանդաղօրէն սկսած է մահանալ: Արշալոյսին, երբ հրաման ստացած են երեխան վերակենդանացման բաժին փոխադրելու, մայրը ըսած է, թէ ան մահացած է արդէն:
Հայրը յայտարարած է, թէ քրէական գործ պիտի յարուցէ հիւանդանոցի տնօրէնին դէմ, աջակցութեամբ՝ Թրիփոլիի փաստաբաններու սենտիքային:
Նոյնանման դէպք մը պատահած է նաեւ Պաալպէք քաղաքին մէջ, երբ հինգ ամսական փոքրիկ՝ Ռիհանա Ալի Շքէյրը մահացած է հիւանդանոցին մէջ, շնչառական սարքի բացակայութեան պատճառով: Փոքրիկին հայրը կսկիծով ըսած է, «Եթէ հիւանդանոցը օժտուած ըլլար փոքրիկներու յատուկ շնչառական սարքով, երեխաս ողջ կ'ըլլար հիմա»: Վերջինս հրաժարած է հիւանդանոցին դէմ դատ բանալէ, ըսելով թէ, եղածը «Աստուծոյ կամքն է»:
Կը նշուի, որ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարը, «Քորոնա» ժահրի յայտնուած օրերուն, այցելած է Լիբանանի պետական հիւանդանոցները, անոնց կարգին Պաալպէքի հիւանդանոց, եւ խոստացած այն օժտել հարկ եղած սարքաւորումներով, ընդունելու «Քորոնա» ժահրի վարակակիրները: