image
Հրատապ լուրեր:

Լարի Կակոսեան Դատական Քաշքշուկներու Մէջ է Քաթարի Հետ

Լարի Կակոսեան Դատական Քաշքշուկներու Մէջ է Քաթարի Հետ

Աշխարհի մէջ արուեստի կարեւորագոյն վաճառականներէն մէկը՝ Լարի Կակոսեան, պարտադրաբար դատական պայքարի մէջ մտած է Քաթարի արքայական ընտանիքի դէմ, Փիքասոյի «Կնոջ մը կիսանդրին» ստեղծագործութեան պատկանելիութեւն հարցի պատճառով:

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ, որ մինչեւ 7 փետրուար, Նիւ Եորքի «ՄոՄա» թանգարանին մէջ ցուցադրած այս արձանը, Փիքասոյի դստեր կողմէ 2014-ին 42 միլիոն տոլարով ծախուած է Քաթարի շէյխի գործակատարներէն մէկուն, պայմանով, որ արձանը յանձնուի այս տարուան փետրուարին: Սակայն վեց ամիս վերջ, դուստրը որոշած է չեղեալ նկատել այդ համաձայնութիւնը, վերադարձնելով գանձուած սկզբնական գումարը (6.5 միլիոն տոլար): Ապա, ան աւելի շահաւէտ պայմանագիր մը կնքած է Կակոսեանի հետ, որ քանդակի համար խօստացած է վճարել 105,8 միլիոն տոլար եւ ապա զայն վաճառած է ամերիկացիի մը: Կակոսեան ցարդ յանձնած է ընդհանուր գումարի 79.7 միլիոն տոլարը եւ կը պնդէ, որ առաջին պայմանագիրը որեւէ ուժ չունի: