Սուրիոյ նախագահի նախկին տեղակալ Ապտուլհալիմ Խատտամ մտադիր է ամէն գնով Սուրիա վերադառնալ եւ իր կեանքի վերջին օրերն անցնել իր ծննդավայր ծովեզերեայ Պանիաս քաղաքին մէջ, կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը, աւելցնելով, որ Խատտամ երբեք ցանկութիւն չունի քաղաքականութեամբ զբաղելու:
Խատտամ այս առումով նամակ յղած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինին, խնդրելով երաշխաւորել զինք եւ միջնորդել, որպէսզի վերադառնայ իր երկիրը, որպէս խաղաղ քաղաքացի, որ ո'չ պայքարած է, ո'չ խնդիր ստեղծած:
Նախագահ Ասատի պատասխանը ժխտական եղած է, նշելով, որ Սուրիոյ Ազգային Անվտանգութեան դատարանը մահուան դատապարտած էր Խատտամը՝ որպէս ազգի դաւաճան, եւ ինք, որպէս երկրի նախագահ, իրաւունք չունի միջամուխ ըլլալու դատարանի գործերուն:
Ասատի մերժողական պատասխանէն ետք Փութին դարձեալ պնդած է, որ Խատտամին թոյլ տայ վերադառնալ եւ, որպէս սովորական քաղաքացի, ապրիլ Պանիասի մէջ, այնուհետեւ որպէս միջնորդ ներկայացած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտը, որ Փութինին խնդրած է կրկին դիմել Ասատին:
Փութինի կողմէ մեծ ճնշման ենթարկուելէ ետք, Ասատ խնդրած է վերջինիս սպասել, մինչեւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական հաշտութիւն կնքուիլը: