image
Հրատապ լուրեր:

Կայացած է Փաշինեան-Յարութիւնեան հանդիպում՝ Երեւանի մէջ (Տեսանիւթ)

Կայացած է Փաշինեան-Յարութիւնեան հանդիպում՝ Երեւանի  մէջ (Տեսանիւթ)

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն այսօր՝ 22 նոյեմբերին, Երեւանի մէջ հանդիպած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Անոնք քննարկած են պատերազմէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ յառաջիկայ ընելիքները:

«Իրար հետ բաւականին ծանր ժամանակներ ապրած ենք եւ ծանր որոշումներ կայացուցած ենք։ Հիմա, ինչպէս պայմանաւորուած ենք, պէտք է կեդրոնացնենք ուժերը Արցախի մէջ բնականոն կեանքը վերականգնելու, մեր հայրենակիցներու վերադարձը ապահովելու եւ վերադարձի համար պայմաններ ապահովելու համար»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Ան յիշեցուցած է, որ Ճանապարհային քարտէզ հրապարակած է, որ քննարկած է նաեւ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:

«Պատերազմէն ետք մեծ ներդրումներու անհրաժեշտութիւն ունի թէ Հայաստանը, թէ Արցախը, եւ մենք պէտք է համատեղ աշխատինք այդ ներդրումներն ապահովելու ուղղութեամբ»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան։

Արայիկ Յարութիւնեանն ալ իր հերթին յայտնած է, որ արցախցիներու հոսքը դէպի Արցախ՝ կ'ընթանայ բաւական մեծ արագութեամբ. «Ոչ միայն ամենօրեայ, այլ պատերազմի օրերուն օրը քանի մը անգամ հնարաւորութիւն ունեցած ենք ներկայացնելու ստեղծուած իրավիճակը։ Կ'ուզեմ նշել, որ հոսքը դէպի Արցախ մեր հայրենակիցներու վերադարձը կ'ընթանայ բաւական մեծ արագութեամբ. մեր հաշուառման կեդրոնի տուեալներով՝ միայն 5 օրուայ ընթացքին 25 հազար հոգի վերադարձած են»։

Յարութիւնեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ընկերային խնդիրներու առնչութեամբ ՀՀ կառավարութեան արձագանգի համար։