image
Հրատապ լուրեր:

Կայացած է Արմէն Սարգսեան-Փաշինեան հանդիպում

Կայացած է Արմէն Սարգսեան-Փաշինեան հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն այսօր հանդիպած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ 

Նախագահը եւ վարչապետը քննարկած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ներքաղաքական մթնոլորտի բարելաւման միտուած քայլերը, անդրադարձած են խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու անցկացման:

Կարեւորուած է ընտրութիւններու ազատ եւ արդար կազմակերպմանն ուղղուած անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը, այդ շարքին՝ Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման միջոցով: