image
Հրատապ լուրեր:

Կարօ Ղազարեան Չորս Տարի Եւս Պիտի Մնայ Կլենտէյլի Քաղաքացիական Սպասարկութեան Յանձնաժողովի Անդամ

Կարօ Ղազարեան Չորս Տարի Եւս Պիտի Մնայ Կլենտէյլի Քաղաքացիական Սպասարկութեան Յանձնաժողովի Անդամ

Կլենտէյլ («Ասպարէզ»-Լոս Անճելըս)- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Կլենտէյլի Քաղաքացիական սպասարկութեան յանձնաժողովի անդամ վերանշանակած է իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը: Այս մասին հաղորդելով, «Ասպարէզ» կը նշէ, որ Ղազարեան եղած է Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան նախկին ատենապետը եւ ներկայիս անոր վարչութեան անդամ է, ինչպէս նաեւ՝ Հայ իրաւանց դէտ յանձնախումբի համաատենապետը։

Ինչպէս կը հաղորդուի, Ղազարեանի անունը առաջադրուած էր Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փաուլա Տիւայնի կողմէ, իսկ անոր նշանակման ի նպաստ արտայայտուած է քաղաքապետ Արա Նաճարեան՝ երախտագիտութիւն յայտնելով կամաւոր այս սպասարկութիւնը կատարելու Ղազարեանի ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար։

Իրաւաբան Կարօ Ղազարեան մասնագիտացած է քրէական մարզին մէջ ու միաժամանակ իրաւագիտութիւն կը դասաւանդէ։ Ան Երեւան հաստատուած Ազգային եւ միջազգային ուսմանց հայկական կեդրոնին, ինչպէս նաեւ Մեքսիքա-ամերիկեան իրաւաբանական միութեան Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբի վարչութեանց անդամ է, եւ շարք մը այլ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւններու գործունէութեանց կը նպաստէ։ Ղազարեան նաեւ անդամ է Կլենտէյլի Քաղաքացիական սպասարկութեան յանձնաժողովին՝  2011-էն ի վեր։