image

Ջանք պիտի չխնայենք, որպէսզի գաղութը վերականգնենք.Շահէ Մինասեան

Ջանք պիտի չխնայենք, որպէսզի գաղութը վերականգնենք.Շահէ Մինասեան

Անցնող հինգ տարիներն ապացուցեցին, որ մեր կուսակցական նեղ հաշիւներէն դուրս պէտք է գանք եւ մեր ազգին շահը հետապնդենք: Միասնութեան կոչերով պէտք չէ բաւարարուինք, այլ խօսքը գործի վերածելով պէտք է ժողովուրդին գործնական քայլեր ցոյց տանք: Այս մասին յայտնեց «Արեւելք»ի հալէպաբնակ զրուցակիցը՝ «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութեան ատենապետ եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան  Հալէպի  Շրջանային վարչութեան անդամ Շահէ Մինասեան:

Հալէպաբնակ մեր հայրենակիցը նախ շնորհաւորեց աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ, մաղթեց, որ որ 2017-ն ըլլայ զարգացման ու յաջողութիւններու տարի մը թէ' հայութեան եւ թէ հայրենիքին համար: Մինասեան, մասնաւորապէս անդրադառնալով Հալէպէն հեռացած հայերուն, մաղթեց, որ անոնք յաջռղութիւններու հասնին, ուր ալ երթան եւ ուր ալ բնակութիւն հաստատեն:

Անցնող տօնական օրերուն Հալէպի իրավիճակին մասին խօսելով, մեր զրուցակիցն ըսաւ. «Այս առթիւ շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել սուրիական զօրքին եւ կառավարութեան, որ այս տօնական օրերուն մեզի նուիրեց Հալէպի ազատագրումը: Ինչպէս գիտէք Հալէպի ազատագրութենէն ետք մեր գաղութը շունչ մը քաշեց, որոշ յոյսեր ունեցաւ ապագայի հետ կապուած: Գալով մեր գաղութի իրավիճակին, մենք որպէս գաղութի ղեկավարներ, անշուշտ մեր օրակարգին մէջ առաջնահերթ տեղ յատկացուցած ենք վերանորոգման ծրագիրներուն, որուն իրագործման ի խնդիր միասնական աշխատանք կը տանինք բոլոր քոյր կազմակերպութիւններուն հետ»:

Հալէպահայ գործիչը նկատել տուաւ, որ հակառակ անոր, որ Հալէպ ազատագրուեցաւ, սակայն սակայն Սուրիոյ պատերազմը տակաւին կը շարունակուի, եւ այսօր հալէպահայերը  կեանքի որոշ դժուարութիւններ կը դիմակայեն՝ ելեկտրականութեան, ջուրի խնդիրներն ու անոնցմէ բխող այլ հարցեր: «Հալէպի ազատագրութեան հետ կապուած մեծ յոյսեր ունինք, լաւատես ենք: Անշուշտ մօտ ապագային Մայր Գաղութն իր նախկին վիճակը կրնայ չվերագտնել,  սակայն ջանք պիտի չխնայենք, որպէսզի գաղութը վերականգնենք ու անցեալը վերադարձնենք: Ունինք զանազան հարցեր՝ բնակարաններու, առողջապահական, մշակութային, որոնք բոլորը նկատի առնուած են՝ յառաջիկայ շրջանին լուծելու համար»:

Օգտուելով առիթէն՝ Շահէ Մինասեան կոչ ուղղեց Հայաստանի ղեկավարութեան,  ի մասնաւորի՝ Սփիւռքի նախարարութեան, խնդրելով, որ առաւել ծրագրուած եւ լուրջ աշխատանք տանին՝ օգտակար դառնալու սուրիահայութեան, եւ մանաւա՛նդ՝ հալէպահայութեան:

Մեր զրուցակիցը պատմեց նաեւ, թէ հինգ տարուան դադարէ ետք հալէպահայութիւնը ինչպիսի' ոգեւորութեամբ եւ նոր կեանքի յոյսով լեցուած դիմաւորեց Նոր Տարին. «Այս առթիւ ՀՄՄ, ինչպէս անցեալին՝ պատերազմէն առաջ, աւանդութիւն դարձած էր, այս տարի եւս Ազիզիէ թաղամասի հրապարակին վրայ տօնածառ տեղադրեց, ցոյց տալով, որ Հալէպ տակաւին կ'ապրի, Հալէպի գաղութը կայ, եւ հոս կեանք կայ: Մենք աշխարհին ցոյց տուինք, որ մենք կը սիրենք կեանքը, հետամուտ ենք խաղաղ եւ սիրով ապրելու: Նաեւ ցոյց տուինք մեր երեխաներուն, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կեանքը կը շարունակուի»:

Զրոյցի աւարտին, Մինասեան շեշտեց միասնական աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, հալէպահայ կազմակերպութիւններուն գործնական քայլերով առաջ երթալու վճռակամութիւնը: «Ս.Դ.Հ. Կուսակցութիւնն իր ենթավարչութիւններով եւ ենթամիութիւններով  կը համագործակցի բոլոր քոյր կուսակցութիւններուն ու միութիւններուն հետ՝ ազգին ծառայութիւն մատուցելու ի խնդիր: Ճիշտ է, որ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն իր ծրագիրներն ու միտքերն ունի, բայց բոլոր այդ ծրագիրներու նպատակը պէտք է ըլլայ ծառայել ազգին: Անգամ ամբողջ աշխարհը պէտք է ականատես ըլլայ, որ այստեղ Սուրիոյ, Հալէպի մէջ գոյութիւն ունի ժողովուրդ մը, որ պատերազմի դժուարին պայմաններուն մէջ, առանց որեւէ խտրականութեան, իր  զանազան կազմակերպութիւններով ձեռք-ձեռքի տուած աշխատանք կը տանի հայ ազգին, հայ դպրոցին եւ մշակոյթին ծառայելու համար: Այս է մեր հիմնական նպատակը՝ ոչ թէ խօսքով, այլ գործով ցոյց տալ մեր առաքելութիւնը»,- եզրափակեց հալէպահայ գործիչը: