«Եւրատեսիլ-2016» համաեւրոպական երգի մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակչին 7-րդ ելոյթը Հայաստանը ներկայացնող երգչուհի Իւեթա Մուկուչեան էր։ Ան ներկայացաւ «LoveWave» ստեղծագործութեամբ: Միջազգային մրցոյթի եզրափակիչը պիտի կայանայ Մայիս 14-ին:
Իւեթա Մուկուչեանի «LoveWave» երգի երաժշտութեան համահեղինակներն են Լեւոն եւ Լիլիթ Նաւասարդեանները, խօսքերուն համահեղինակները` Իւեթա Մուկուչեան ու Սթեֆանի Քրաթչֆիլտը:
Այս տարի 10-րդ անգամն է, որ Հայատանը իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եւրատեսիլ»ին: