image

Իսրայէլացի զէնքի վաճառական մը Պուրճ Համուտի բնակի՞չ. Lebanon Files

Իսրայէլացի զէնքի վաճառական մը Պուրճ Համուտի բնակի՞չ. Lebanon Files

«Փանամայի թուղթերու» հրապարակման պատասխանատու Քննչական լրագրողներու միջազգային հաւաքումի (ICIJ) կողմէ, 10 մայիսին, անձերու եւ կազմակերպութիւններու անունի համաձայն փաստաթուղթեր որոնելու հնարաւորութիւնը հասանելի դառնալէ ետք, «Լիբանան» անունի տակ տրուած որոնման արդիւնքը ցնցող էր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Lebanon Files» կայքը, նշելով, որ «Փանամայի թուղթերու» մէջ որոնման արդիւնքով Լիբանանի անունը առաջին անգամ յիշուած էր, որպէս իսրայէլացի զէնքի վաճառական՝ Կապրիյէլ Կոնըն Լաւիի բնակավայր:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Լաւին սեփականատէրն է Բրիտանիոյ մէջ գրանցուած «GSS GROUP» ընկերութիւններու շարքին, եւ փաստաթուղթերուն մէջ կ'երեւայ, որ ընկերութեան մայր կեդրոնը կը հանդիսանայ իսրայէլացի փաստաբան Ցաֆի Նեթզէրի (Tsafi Netzer) փաստաբանական գրասենեակը, որ կը գտնուի Թէլ Աւիւի հիւսիսը: Իսկ ընկերութեան սեփականատիրոջ՝ Կոնըն Լաւիի պաշտօնական հասցէն նշուած է Սուրբ Յովսէփ փողոցը (St. Joseph), որ կը գտնուի Պուրճ Համուտի թաղամասը՝ արեւելեան Պէյրութի մէջ:

Աղբիւրը նաեւ տեղին կը համարէ նշել, որ Կոնըն Լաւիի առեւտրական գործընկերն է, Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմարթը, որ ներկայիս կաշառակերութեան մեղադրանքով կը գտնուի ազատազրկման մէջ:  Կը նշուի նաեւ, որ Օլմարթ 2012-ին հիմնադրած էր «EOS Afrika International» ընկերութիւնը, որ կը զբաղուէր զէնքերու եւ ռազմական սարքերու արտահանումով, որոնք կ'արտադրուէին իսրայէլեան ռազմական արտադրութիւններու ընկերութիւններու կողմէ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ նշեալ ընկերութեան կը պատկանի «Ալ-Թիմ  ներդրումային» ընկերութեան բաժնետոմսերու 50 տոկոսը, մինչ մնացեալ բաժնետոմսերը կը պատկանին «Կոնըն Լաւի Ձեռնարկութիւններու» ընկերութեան, որու սեփականատէրն է Պուրճ Համուտի մէջ բնակող զէնքի վաճառական Կապրիյէլ Կոնըն Լաւին: