image

Իսրայէլ-Իմարաթներ համաձայնութիւնը պիտի կնքուի Սպիտակ Տան մէջ

Իսրայէլ-Իմարաթներ համաձայնութիւնը պիտի  կնքուի Սպիտակ Տան մէջ

Իսրայէլը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները 15 սեպտեմբերին Սպիտակ տան մէջ կայանալիք արարողութեան ժամանակ յարաբերութիւններու կարգաւորման պատմական համաձայնագիր պիտի ստորագրեն:

ԱՄՆ պաշտօնեաները յայտարարած են, որ երկու երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի գլխաւորեն Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն եւ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Մուհամմետ ըպն Զայատը՝ ԱՄԷ-ի թագաժառանգ արքայազնի եղբայրը:

Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13 օգոստոսին երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագրի մասին յայտարարելէն մէկ ամիս անց: