image

Իրանի նաւատորմը համալրուեցաւ նոր զէնքերով

Իրանի նաւատորմը համալրուեցաւ նոր զէնքերով

Իրանի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Ամիր Հաթամին յայտարարած է, որ երկրի նաւատորմը մօտ ապագային պիտի համալրուի սեփական արտադրութեան ականակիր նաւով, որ ստացած է «Տենա» անուանումը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Թանսիմ» գործակալութիւնը, Հաթամիի խօսքով՝ նոր ականակիրը նախագծուած եւ արտադրուած է իրանցի փորձագէտներու կողմէ:

««Տենա»ն սարքաւորումներով համալրուածութեան եւ կատարողականութեան առումով աւելի առաջադէմ է, քան նոյն սերունդի այլ ականակիրներ»,- աւելցուցած է իրանցի նախարարը:

Իրանցի պաշտօնեաները պարբերաբար կը յայտարարեն, որ Իրանը հաստատակամ է իր ռազմական կարողութիւններն զօրացնելու հարցով, այդ շարքին եւ իր հրթիռային հզօրութիւնը: