image

Իրան փակեր է իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները Թուրքիոյ մէջ

Իրան փակեր է իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները Թուրքիոյ մէջ

Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան (ՌԴ) արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպաննութենէն ետք Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը փակեց իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները Թուրքիոյ մէջ: Այս մասի կը հաղորդէ թրքական «Diken» պարբերականը, նշելով, որ բացի Անգարայի մէջ գտնուող Իրանի դեսպանատունէն, փակուած են նաեւ Պոլիս, Էրզրում եւ Տրապիզոն գտնուող Իրանի հիւպատոսարանները:

Դեսպանատան  պաշտօնական կայքին մէջ այս կապակցութեամբ գրուած է. «Պոլսոյ, Տրապիզոնի եւ Էրզրումի մէջ 20 դեկտեմբերին`այսօր բոլոր հիւպատոսարանները փակ պիտի ըլլան: Բոլոր իրանցիներուն  կոչ կ'ընենք խուսափիլ այդ տարածքներ երթալէ»: