image

Իմանալ, թէ որու հետ կը մտնէք նոյն պարկին մէջ. . Ֆիքրէթ Պաշքայա

Իմանալ, թէ որու հետ կը մտնէք նոյն պարկին մէջ. . Ֆիքրէթ Պաշքայա

Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան (HDP) պատգամաւորները Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովէն (TBMM) վտարելու գործողութիւնը արդարացիօրէն ստեղծած է զարմանք եւ զայրոյթ: Սակայն, եթէ իմանանք թէ խորհրդարանը եւ քաղաքական կուսակցութիւնները ինչպիսի բաներ են, ուրեմն նման զարմանքի կարիք պիտի չըլլար: 20 տարի առաջ նմանատիպ գործողութիւն մը եւս կատարուած էր եւ ան դեռ ջնջուած չէ յիշողութիւնէն... Իրականութեան մէջ խնդիրն այն է, որ ռեժիմի բնոյթի մասին որոշ թիւրիմացութիւններ կան: Հետեւաբար, մի քանի համառօտ յիշեցումներով կարելի է յստակեցնել իրավիճակը: Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովը, ո՛չ մեծ ո՛չ ալ «ազգային» ժողով էր: Սկիզբէն ի վեր գոյքի տիրացած իշխող դասակարգին եւ պետութեան խորհրդարանն էր, այդպէս ալ մնաց ընդմիշտ:Այդտեղ նշուած «ազգային» հանգամանքը իրենք էին: TBMM-ն իրական յարաբերութիւն մը չունէր ժողովուրդին հետ: Կը պնդուէր, թէ Ժողովրդահանրապետական (CHP) կուսակցութիւնը հիմնած էր պետութիւնը, մինչդեռ այդպէս չէր: Ան պետութիւնը ստանձնող պետական կուսակցութիւն մըն էր:

Ինչպէս որ TBMM-ն որեւէ կապ մը չունէր «ազգին» հետ, նոյնպէս CHP-ն ալ իրական յարաբերութիւն մը չունէր ժողովուրդին հետ: Լիակատար պետական կուսակցութիւն մըն էր, այդպէս ալ մնաց միշտ:

1923-1946 ժամանաշրջանի մէջ կառավարութիւնն եւ պետութիւնը արդէն նոյն բան էին: Հիմա այս երկուքը նորէն միացած են:

Իշխող կուսակցութեան, կառավարութեան եւ պետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող «սահմանափակ խտրութիւնը» այսօր վերջացած է:

Այսպիսի իրավիճակի մէջ, ուրեմն կարելի չէ խօսիլ քաղքենի (պուրժուա) կուսակցութեան մը մասին: Ասիկա մեզ կը յիշեցնէ թրքական այն առածը, որ կ'ըսէ. «քիչ գացինք, երկար գացինք, բայց ի վերջոյ սկիզբին վերադարձանք»: Քաղաքական կուսակցութիւնները ոչ թէ ժողովուրդին, այլ պետութեան եւ ընդհանուր առմամբ գոյքի տիրացած իշխող դասակարգերուն (օլիկարխներուն) կուսակցութիւններն են, եւ այս երկուքը արդէն նոյն բան են:Գոյքի տիրացած իշխող դասակարգերը՝ պետութիւն, իսկ պետութիւնը՝ գոյքի տիրացած իշխող դասակարգեր կը նշանակէ: Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին, ճնշուած եւ շահագործուած ժողովրդային դասակարգերուն չթոյլատրուեցաւ որպէսզի իրենց կամքը ներկայացնող քաղաքական կուսակցութիւններ հիմնեն եւ միջամուխ ըլլան գործընթացին: Այս բոլորին հանդերձ հիմնուած կուսակցութիւններուն ալ գոյատեւելու հնարաւորութիւն չտրուեցաւ: Իրականութիւնը ընդհակառակն է ընդհանուր կարծիքէն. քաղաքական կուսակցութիւններու եւ ժողովուրդի միջեւ, ընտրողներու եւ ընտրուածներու միջեւ ներկայացուցչական յարաբերութիւն մը չկայ: Քաղաքական կուսակցութիւնները ժողովուրդէն քուէ կը ստանան, բայց իրականութեան մէջ կը ներկայացնեն օլիկարխները եւ պետութիւնը: Մեր մօտ քաղաքական կուսակցութիւնները նման են պետական այլ հաստատութիւններուն եւ պետութեան գործակալներն են: Հետեւաբար ժողովուրդի քուէն փոխադարձութիւն մը չունի: Թուրքիոյ քաղաքական կուսակցութիւնները ունին երկու գործառութիւն.

1. Օրինակացնել ռեժիմը եւ պարտադրել, այս նպատակով խաբել զանգուածները եւ ձգձգել, դրութիւնը նկարազարդել «ժողովրդավարութիւնով»: 

2.Յափշտակել պետական գանձարանը եւ ելմտացոյցը, հարստացնել հարազատները եւ բարեկամները... ժողովուրդը խաբել եւ յետոյ ատիկա «ազգային կամք» կոչել:

 

HDP-ի պատգամաւորները խորհրդարանէն վտարելու գործողութիւնը որեւէ կապ չունի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հետ:

Ընդհակառակը, ասիկա պատերազմը սրելու եւ բարձրացող ցեղապաշտութիւնը ամրագրելու ճանապարհն է:

 

Հիմնական նպատակն է հաստատել միակ մարդու մը բռնակալութիւնը:

Պատերազմը եւ հակամարտութեան մթնոլորտը իշխող դասակարգերու համար կարեւորագոյն պարգեւի մը պէս է:

Շահագործելու, թալանելու, յափշտակելու համար պատերազմը եւ հակամարտութեան ժամանաշրջանը յարմար գետին մը կը ստեղծէ:

Ոչ մէկուն հաշիւ տալու կարիք չմնար: Ամէն տեսակ անօրինականութիւն, անբարոյականութիւն հնարաւոր կը դառնայ...

 

Այնպիսի «խորհրդարան» մը, որ մեծամասնական խուժանը կը յանդգնի միլիոնաւոր մարդկանց քուէներով ընտրուած այլ պատգամաւորները վտարել այդտեղէն:

Աշխարհի որեւէ այլ երկրի մը մէջ ասոր նման բան կա՞յ:

Առանց նոյնիսկ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք տալու պատգամաւորները խորհրդարանէն վտարել ի՞նչ կը նշանակէ:

Սա, թրքական ժողովրդրավարութեան հնարքն է:

Անշուշտ, Թուրքիոյ «Միլի  մէճլիս»ին ինչպիսի յետադիմական բոյն մը ըլլալը, ինչպիսի պետական հաստատութիւն մը ըլլալը, իրականութեան մէջ որոնց «խորհրդարանը» ըլլալը ա՛յսպէս հաստատուած պէտք է ըլլար:

 

HDP-ի պատգամաւորները խորհրդարանէն վտարել, միլիոնաւոր մարդկանց կամքը ժխտել չէ՞:

Երբ իրենց շահերը խօսքի առարկայ ըլլայ «ազգային կամք» կ'ըսեն եւ առանց ամչնալու միլիոնաւոր մարդկանց կամքը չկայ կը համառեն:

Հապա ինչո՞ւ այսքան դիւրաւ կը կառավարեն, այսքան ամբարտաւան կ'ըլլան:

«Գող-աւազակին յանցանքը» մինչեւ երկինք հասած է որովհետեւ:

Մարդիկ հեշտութեամբ կը խաբուին եւ կը խաբեն:

Եթէ հակառակը ըլլար, ուրեմն այսքան ժամանակ գող-աւազակներուն չէին քուէարկէր, չէին ուղղէր դէպի իշխանութիւն, յափշտակելու եւ թալանելու ճանապարհը չէին թոյլատրէր...

 

 

Ֆիքրէթ Պաշքայա

Թուրք    մտաւորական եւ ակադեմական գործիչ