image

Հըզպալլա կը մնայ լուռ. Ո՞վ սպաննեց Մուսթաֆա Պատըր Ալ Տինը

Հըզպալլա կը մնայ լուռ. Ո՞վ սպաննեց Մուսթաֆա Պատըր Ալ Տինը

Հըզպալլա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- «Հըզպալլա» իր առաջնորդներէն Պատըր Ալ-Տինի սպաննութեան  յայտարարութեան մէջ մեղադրանքներ չարձակէր որեւէ կողմի հանդէպ, այլ կը բաւարարուի անոր մահուան բօթը գուժելով: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ նոյնը չէր պարագան 2008-ին Դամասկոսի մէջ, առաջնորդ Իմատ Մուղնիյէի սպանութեան ժամանակ, ուր  ան անյապաղյանցագործութեան հեղինակ յայտարարեց Իսրայէլը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ ցարդ որեւէ տեղեկութիւններ չկան պայթումի բնոյթին շուրջ: Ըստ ռազմական քննիչ եւ հետազօտող՝ Հիշամ Ժապէրի, երբ յետազօտութիւններու արդիւնքով բացայայտուի պայթումի տեսակը, այդ ժամանակ կարելի կ'ըլլայ որոշել պատասխանատու կողմը:  Ժապէր աւելցուցած է նաեւ, որ Հըզպալլան պարտաւոր չէ նախքան ստոյգ տեղեկութիւններ ունենալը՝ մեղադրանքներ արձակել,  նոյնիսկ եթէ միջադէպը առաջին հերթին ի օգուտ Իսրայէլի է: «Իսրայէլ չթաքցուց իր ուրախութիւնը կատարուած գործողութեան նկատմամբ, սակայն միաժամանակ ան չորդեգրեց զայն», -ըսաւ Ժապէր, աւելցնելով, որ  իրականացուած գործողութիւնը միջազգային չափանիշներով ահաբեկչութիւն է:

Ժապէրի ենթադրութեամբ, «Ժատիտ» կը նշէ, որ գործողութեան յաջողութիւնը եւ գործադրողներու կողմէ Պատըր Ալ-Տինի գտնուելու ճիշդ տեղն ու ժամանակը գիտնալը ցոյց կու տան, որ Հըզպալլայի ներքին շարքերուն մէջ խախտում կայ: Սակայն ռուսական կամ սուրիական դաշնակիցներուն մեղադրելը քիչ հաւանական է, որովհետեւ անոնք ոչ մէկ կերպ շահագրգռուած պիտի ըլլան Պատր Ալ-Տինի սպանութեամբ: Հետեւաբար, Ժապէրի համաձայն, մեղադրեալները կը սահմանափակուին երկու ուղղութեամբ՝ եթէ պայթումը կատարուած ըլլայ  օդ-ցամաք կամ ցամաք-ցամաք հրթիռով, ապա առաջին մեղադրեալը իսրայէլցի թշնամին է, որ այդ մէկը շատ դիւրութեամբ կրնայ իրականացնել Սուրիոյ տարածքէն դուրս գտնուող որեւէ կէտ: Իսկ եթէ պայթումի պատճառը պայթուցիկ սարքը հանդիսանայ, ապա մեծ հաւանականութեամբ ան ինքնասպանական գործողութեան հետեւանք է, ինչը հաւանական կը դարձնէ Սուրիոյ տարածքին գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներու ներգրաւուածութիւնը: Ժապէր նաեւ կը նշէ, որ չի բացառուիր, որ տարբեր երկիրներու հետախուզական գործակալութիւններ մասնակցած ըլլան գործողութեան, որոնց շարքին նաեւ՝ արաբական: