Հայ Յեղափոխական Դաշնակութեան Պէյրութի մարմինը երէկ հանդիսաւոր կերպով նշեց կուսակցութեան հիմնադրման 125-րդ տարեդարձը: Նշենք, որ հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր կուսակցութեան Լիբանանի գերագոյն մարմնի՝ Կեդրոնական Կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի կազմակերպութեանբ: Պիէլ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեացած հանդիսութեան ընթացքին հերթաբար խօսք առին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի (Լիբանանի խորհրդրանի անդամ) եւ Կուսակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ՝ Հրանդ Մարգարեան: Բանախօսները իրենց խօսքերով անդրադարձան Մերձաւոր Արեւելքի Հայութիւնը եւ Հայաստանը յուզող ընդհանուր խնդիրներուն: Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Գառնիկ Սարգիսեան, որ ազգային- յեղափոխական երգեր կատարեց: Լրատուութիւնը ՝ «Ազդակ» օրաթերթէն: