image

Հնարաւոր է, որ Արամ կաթողիկոս եղած է մեկուսացման մէջ.Վարդգէս Եղիայեանի «Բաց Նամակ»ը ուղղուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Հնարաւոր է, որ Արամ կաթողիկոս  եղած է մեկուսացման մէջ.Վարդգէս Եղիայեանի  «Բաց Նամակ»ը   ուղղուած    Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Ամերիկաբնակ նշանաւոր իրաւաբան  Վարդգէս Եղիայեան   բաց նամակ մը յղած է Պէյրութ  հրապարակուող «Ազդակ»ին, զոր կը հրապարակենք  ամբողջութեամբ:


Կ'ուզէի ներկայացնել հետեւեալ ցուցակը՝  «Ազդակ»ի խմբագրութեան կազմին, որուն պնդմամբ,  Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը առաջինն է, որ յարուցած է նման դատական գործեր։

Տեղին  կը համարեմ նշել, որ  օրեր  առաջ Ոսկան Մխիթարեան  իր հրապարակած յօդուածին մէջ գրած  է Հայոց Ցեղասպանութեան կեանքի ապահովագրութեան գործին մասին, որ մեր   փաստաբանական գրասենեակի յաճախորդ՝ Մարութեանները  դատ  բացած էին  «Նիւ Եորք Լայֆ»ի ն դէմ  1999 թուականին։ Ի լրումն «Նիւ Եորք Լայֆ»ի  դատին եղած են նաեւ այլ դէմ հայցեր։

  1. «Աքսա» ապահովագրական ընկերութիւն (ֆրանսական ընկերութիւն, ներկայացուած ՝  2002թ.)
  2. «Վիքթորիա» ապահովագրական ընկերութիւն (գերմանական ընկերութիւն, ներկայացուած  ՝ 2003թ.)
  3. «Ավիւա» ապահովագրական ընկերութիւն (բրիտանական ընկերութիւն, ներկայացուած  ՝ 2008-ի Սեպտեմբերին)
  4. Գերմանական պանք (գերմանական ընկերութիւն, ներկայացուած ՝  2006-ի Փետրուարին)
  5. Ներկայացնելով 16 հաճախորդներու հայցը, որ յարուցուած էր ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան, Թուրքիոյ Կեդրոնական պանքին եւ Զիրաաթ պանքին՝ Ինճիլիքի շրջանին մէջ հողատարածքներու կապակցութեամբ, որոնք գրաւուած էին Ցեղասպանութեան ժամանակ (ներկայացուած ՝  2010-ի Դեկտեմբերին)
  6. Խմբային գործը, որ յարուցուած էր այլ հայ փաստաբաններու կողմէ՝ ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան, Թուրքիոյ Կեդրոնական պանքին եւ Զիրաաթ պանքին՝ Թուրքիոյ մէջ բռնագրաւուած ունեցուածքի կապակցութեամբ, որ, ըստ աղբիւրի, կը ներառէ նաեւ Սիսի եկեղեցական գոյքը (ներկայացուած  ՝  2010-ի Յուլիսին)
  7. Թուրքիոյ մէջ յատուկ գոյքային գործեր (որոնք վարոյթ ստացած են Թուրքիոյ մէջ)
  8. Կեթթի թանգարանին , որուն համար գործ յարուցուած է՝ վերադարձնելու գողցուած հայկական արուեստի գործերը եւ որով իմ ձեռնարկութիւնս   էր, մինչեւ Կիլիկեան Աթոռի   այդ հայցը ներկայացնելը (ներկայացուած է 2010-ի  Յուլիսին)

Միանգամայն հնարաւոր է, որ Արամ կաթողիկոսը եղած է մեկուսացման մէջ՝ խորհելով անցեալ 17 տարիներու մասին եւ չէ լսած այս գործերուն մասին։