image

Հայրենիքն ու ազգութիւնը սրբութիւններ են. Յակոբ Քորթմոսեան

Հայրենիքն ու ազգութիւնը   սրբութիւններ են. Յակոբ  Քորթմոսեան

Վերջերս, ոմանց առօրեայ խօսակցութեան մէջ մնայուն դարձած են հետեւեալ արտայայտութիւնները, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի ըլլալու կամ չըլլալու վերաբերեալ.

«Թքած ունիմ այդ քաղաքացիութեան վրայ»:

«Պէտք չունիմ այդ քաղաքացիութեան»:

«Զիս չի՛ հետաքրքրեր Հայաստանի քաղաքացի ըլլալ»:

«Չեմ ուզեր Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ»:

«Հիւանդ չեմ որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանամ», եւ հազարումէկ նման յիմար արտայայտութիւններ:

Այսպէս արտայայտուղները իրենք զիրենք կ'արդարացնեն, մատնանշելով ներկայ իշխանութիւններուն ապազգային եւ երկիրը կործանող քաղաքականութիւնը: Ա՛յ սոփեստներ, ո՞վ չի գիտեր ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը: Ո՞վ չի գիտեր Հայաստանի ներկայ տնտեսական ահաւոր վիճակը: Ո՞վ չի գիտեր, որ այսօր Հայաստանի մէջ գոյատեւող ո՛չ-իշխանական եւ աղքատ դասակարգը պարզապէս հերոսներ են, որոնք հակառակ դժուարութիւններուն կը պայքարին, կը տոկան, որովհետեւ համոզուած են, որ Հայուն հայրենիքը մի՛ միայն Հայաստանն է: Տակաւին, ո՞վ չի գիտեր, թէ վերջին տարիներուն՝ շնորհիւ ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան, հազարաւորներ թողուցին Հայաստանը եւ արտագաղթեցին: Այս բոլորը փաստեր են, զորս միայն կոյրերը չեն կրնար տեսնել ու նկատել, ինչպէս նաեւ կամաւոր կերպով եւ իրենց անձին փառքն ու շահը գերադասող կոյր դարձածները:

Անդին, վերեւ նշած արտայայտութիւնները կ'ունենան նաեւ այնպիսիներ, որոնք ներկայիս կ'ապրին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս եւ կը վայելեն Հայաստան աշխարհի բարիքները: Ա՛յ ապերախտ տզրուկներ, ուշքի՛ եկէք: Այդքա՞ն յիմար էք, որ ապրելով ու գործելով Հայաստանի մէջ նման արտայայտութիւններ կ'ունենաք: Ամօթի զգացում չունի՞ք: Ինչո՞վ կը տարբերիք թուրքէն կամ ազերիէն: Անոնք միայն առիթ գտնեն կը մորթեն իրենց առաջին հանդիպած հայը, իսկ դուք, ապրելով Հայաստանի մէջ, ամենայն պարզութեամբ եւ կատարեալ յիմարութեամբ՝ որպէս թէ քաջութիւն կը գործէք, կ'ուրանաք ձեր ինքնութիւնն ու ազգութիւնը, կ'ուրանաք ձեր ազգութիւնն ու պատկանելիութիւնը: Ձեր նմաններուն համար պատմութեան աղբանոցն իսկ շատ է:

Զգաստացէ՛ք: Ձեր «հեղինակային» արտայայտութիւնները ձեզի պահեցէք: Միւս կողմէ լա՛ւ հասկցէք, թէ Հայաստանը, հայրենիքը, ազգն ու ազգութիւնը ո՛չ ներկայ վարչակարգն են եւ ոչ ալ՝ ներկայ իշխանաւորները: Ազգ եւ հայրենիք սրբազան հասկացողութիւնն են, չըսելու համար սրբութիւններ են, զորս կարելի՛ չէ սրբապղծել:

Պէտք չունի՞ք Հայաստանի քաղաքացիութեան, հետեւաբար բարի եղէք եւ հեռացէ՛ք Հայաստանէն: Հազարաւորներ կան, որոնք հայրենիքի եւ ազգութեան գաղափարը ամէն ինչէն վեր կը պահեն, եւ ձեր հեռանալով, նուազագոյնը այդպիսիները կ'օգտուին: Իսկ դուք, հեռանալով Հայաստանէն, գացէ՛ք եւ ձեզի համար աղբանոց մը գտէք, որովհետեւ ձեր նման դաւաճաններու եւ ազգուրացներու տեղը, միայն աղբանոցը կրնայ ըլլալ:

 

 Յակոբ Քորթմոսեան

 

 

20 Մայիս 2016