image

Հասան Նասրալլա - Մուքթատա Ալ-Սատըր Լուրջ Տարակարծութի՞ւն

Հասան Նասրալլա - Մուքթատա Ալ-Սատըր Լուրջ Տարակարծութի՞ւն

Լիբանան- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)-   Սատրական հոսանքի ղեկավար՝ Մուքթատա Ալ-Սատըրին մօտ եղող աղբիւր մը յայտարարած է, որ «վերջինիս Պէյրութ կատարած այցը  քաղաքական բնոյթ չունէր, այլ՝ ընտանեկան», ընդգծելով, որ «Հըզպալլա» կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Հասան Նասրալլա ինք ուզած է հանդիպիլ անոր հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ կայացած հանդիպման Նասրալլա Սատըրին փոխանցած է Թեհրանի մէջ պատասխանատուներու մտահոգութունը՝ կապուած Շիաա համայնքի միասնութեան, մանաւանդ «Ազգային դաշնութեան» հանդէպ Սատըրի կատարած յայտարարութիւններուն եւ դիրքորոշման պատճառով, ինչպէս նաեւ անոր պնդումին՝ արմատական ​​բարեփոխումներ կատարել  Իրաքի քաղաքական գործընթացին մէջ:

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Սատըր այս մասին Նասրալլային տեղեկացուցած է, որ իրեն հետաքրքողը «Իրաքի եւ իրաքցներու միասնականութիւնն է՝ իր բոլոր շերտերով, ազգութիւններով եւ դաւանանքներով, եւ ոչ թէ միայն՝ շիաաներու», առանց որեւէ խոստումներ կամ երաշխիքներ տալու իր հոսանքի «ազգային դաշնութեան» ժողովներուն վերադարձի մասին, որ կը գլխաւորուի Իպրահիմ Ալ-Ժաֆարի կողմէ: